2017-05-15 09:29:00

Մաքրոն ստանձնեց իշխանութիւնը` խոստանալով մեծ վերածնունդ եւ ինքնավստահութեան վերականգնում։


Կիրակի 14 մայիս 2017-ին Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի երդման արարողութիւնը:

39-ամեայ եւրոպամէտ Մաքրոն, որ Նափոլէոնի ժամանակներէն ի վեր Ֆրանսայի ամէնէն երիտասարդ ղեկավարն է, պաշտօնը ստանձնելէ ետք արտասանած իր առաջին ուղերձին մէջ նշեց. «Ընտրելով զիս` Ֆրանսան ընտրեց յոյսը»:

Ան խոստացաւ համախմբել պառակտուած ժողովուրդը, ամրապնդել Եւրոպական միութիւնն ու բարեփոխումներ կատարել:

Էլիզէի պալատին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին` Ֆրանսայի 25-րդ նախագահը յայտարարեց. «Երկիրը կանգնած է մեծ վերածնունդի նախաշեմին»:

«Աշխարհն ու Եւրոպան այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունին ուժեղ Ֆրանսայի: Իմ կառավարմանս օրով ֆրանսացի ժողովուրդը դարձեալ պիտի վերագտնէ ինքնավստահութիւնը», ըսաւ Մաքրոն:

Միւս կողմէ ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Մաքրոն արդէն նշանակումներ կատարած է Էլիզէի պալատին մէջ: Գլխաւոր քարտուղար դարձած է Ալեսքի Քոհլըրը, որ նախապէս աշխատած է պետական ներգրաւուածութեան տնտեսական աշխուժութեան գործակալութեան մէջ:

Գերմանիոյ մէջ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Ֆիլիփ Էթիէն պիտի դառնայ դիւանագիտական հարցերով նախագահի խորհրդական: Նախագահին գրասենեակին տնօրէն նշանակուած է Փաթրիս Սթրոզտան: Ան նախապէս վարչապետին գրասենեակին ղեկավարի պաշտօնը կը վարէր, կարճ ժամանակուան համար:

Մաքրոնի յատուկ խորհրդական նշանակուած է 30-ամեայ Իսմայիլ Էմելիէնը: Նշեալ պաշտօնը ֆրանսական հանրապետութեան ղեկավարի օգնականի կարեւորագոյն պաշտօնն է:

ԹԱՍՍ-ի տուեալներու համաձայն, Մաքրոն ֆրանսական նոր կառավարութեան կազմը եւ վարչապետը պիտի յայտարարէ այսօր:








All the contents on this site are copyrighted ©.